(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ թուիթ մը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ ''Աստուած իր զօրութիւնը ցոյց կու տայ` սիրով'' եւ թէ ''Անոր արդարութիւնը վրէժխնդրութիւն չէ, այլ ողորմութիւն''։
''Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ զօրութիւնը կործանում չէ, այլ սէր, Աստուծոյ արդարութիւնը վրէժխնդրութիւն չէ, այլ ողորմութիւն'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը։
Իսկ երկուշաբթի` 28 Մարտին հրատարակած թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց. ''Ամէն մէկ քրիստոնեայ ''Քրիստափոր'' մըն է, այսինքն Քրիստոսը շալկող''։
All the contents on this site are copyrighted ©. |